2008-10-31 12:03:35

էջ մը եկեղեցական պատմութենէն -Եկեղեցական երաժշտութեան վարպետները` Համբարձում Պապա Լիմոնճեան Զինք կը կոչենք արժանաւորապէս նոր հայկական ձայնագրութեան ստեղծողը։


Համբարձում Պապա Լիմոնճեանը ծնած է Կոստանդնուպոլիս 1768 թուին եւ մահացած է դարձեալ Պոլսոյ մէջ 29 յունիս 1839-ին։ Ան եղած է մեր մեծագոյն երաժշտագէտներէն մին, թէեւ իր անունը հետզհետէ ստուերացած է Եկմալեանի կամ Կոմիտասի անձնաւորութիւններով. Սակայն ստոյգ է որ եթէ ինք չըլլար եւ չկատարէր այդ հսկայական աշխատանքը թարգմանութեան հին խազերէն դէպի նոր նօթա-գրութիւն, հայկական երաժշտութիւնը տակաւին պիտի մնար խաւարի մէջ, ինչպէս կարգ մը հարեւան երկիրներու երաժշտութիւնը եւ երբեք Կոմիտաս մը պիտի չյաջողէր արտայայտել իր ստեղծագործութիւններն ու երաժշտական ձիրքերը պատշաճ կերպով։

Համբարձում ինք իր կարգին իր երաժշտական կրթութիւնն ստացած է իր ժամանակաշրջանի երգի լաւագոյն վարպետներու մօտ. Անոնցմէ մին հայ սարկաւագ մըն էր, դպիր Պոլսոյ Մայր Եկեղեցւոյ, որու անունն էր Զեննէ Պօղոս. Ասոր մօտ` Համբարձում Պապա կրցաւ ճանչնալ հայկական հին խազերը եւ սերտել անոնց իսկական նշանակութիւնը ինչպէս նաեւ զանազանել անոնց համապատասխանող եղանակները։

Երկրորդ վարպետը եղաւ յոյն երաժշտագէտ` Ոնոփրիոս Թաթավլացուց. Համբար-ձում իրմէ սորվեցաւ յունական սաղմոսներու երգեցողութիւնը եւ իւրաքանչիւր ձայնի համապատասխանող եղանակը, իր ելեւէջներով. Կարելի չէ անգիտանալ թէ 8-րդ դարուն եւս, երբ Ստեփանոս Սիւնեցի ստեղծեց հայկական ութը ձայները, մեծապէս օգտուեցաւ ժամանակի յոյն երաժիշտ` Ռոմանոս երգեցողի կանոններէն եւ ձայներու կատարած բաժանումներէն։

Լիմոնճեան ուսումնասիրեց նաեւ թուրք Տերվիշներու եղանակները, ինչպէս նաեւ անոնց երգելու դասական ոճը. Հոգեւոր բարձր մակարդակի տէր այս մարդիկ կը յաջողէին իրենց երաժշտութեամբ վերացնել հասարակութիւնը եւ լիութիւն պարգեւել անոնց հոգեկան ծարաւին, իրենց երգերով եւ իրենք իրենց վրայ երկարօրէն դառնալով։

Ի վերջոյ ան ծանօթացաւ նաեւ եւրոպական դասական երաժշտութեան, որ այդ շրջանին հասած էր իր գագաթնակէտին, շնորհիւ Մոցարդի, Պեթհովէնի եւ այլոց. Անոնց օրինակը քաջալերեց զինք նաեւ հայ երաժշտութիւնը զարգացնելու եւ հասցնելու դասական մակարդակին, եւրոպական չափանիշերով։

Համբարձում Պապա Լիմոնճեան եղած է դասատու Պոլսոյ Լուսաւորչեան վարժա-րանին մէջ, ինչպէս նաեւ երգուսոյց եւ դպրապետ եղած է Գում Գաբույի Մայր Եկեյեցւոյ մէջ. Ան կատարած է նաեւ երաժշտական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս Ոհ ի սկզբան պատերազմի երգը, նուիրուած Վարդանանց հերոսամարտին։ Յարեաւ Քրիստոս խօս-քերով` ան յօրինած է աւելի քան 20 եղանակներ, մէկը միւսէն գեղեցիկ։ Իսկ Ներսէս Շնորհալիի շարականները փորձած է ձայնագրել արդի նօթագրութեամբ։

Իր մեծագոյն գործունէութիւնը կը հանդիսանայ սակայն իր հայկական արդի ձայնագրութեան ստեղծման մէջ, 1813 թուականն. Այսպէսով ան դուռը բացաւ արդի հայ երաժշտութեան եւ արդարօրէն կրնայ կոչուիլ մեր ազգի մեծագոյն հանճարներէն մին, գէթ երաժշտական մարզին մէջ։ Անցնելով խազագրութենէն դէպի գծային արդի նօթագրութիւնը, Համբարձում Պապա Լիմոնճեան կրցաւ պահպանել մեր ազգային, հոգեւոր ու ժողովրդական պատկառելի ժառանգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.